Սուրիա
«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու
Հոսկէ անցա՜ն կարաւաններ… Բայց ինչի՞…
Հատ-հատ պակսող հայ կիներու, փոքրերու,
Որոնց արիւնը գուցէ դեռ կը փակչի
Այս աւազին, այս պատանքի՜ն ահարկու…
Բզկըտուած մարմնով, մտքով ու սրտով՝
Գութ հայցեցին հոս գայլերէն գառնուկներ…
Արևն ալ հոս գործեց ոճիր Ոճրին քով
Չորցուց անթիւ կեանքեր իր հուրն անըմբեր1…
Տարիներ վերջ հիմայ կ՚անցնիմ ես հոսկէ՝
Կառքիս դանդաղ թաւալումին անձնատուր.
Մինչ ան գուցէ հայ ոսկորնե՜ր կը ճզմէ…
Աւազն ունի կարծես մահու սոյլ մը սուր,
Որ ծունկս ի վեր կ՚ելլէ, կ՚անցնի սրտիս մէջ,
Կը սղոցէ, կը փսորէ2 զայն անվերջ…
Ծանոթագրություններ
- 1 Անըմբեր — անհամբեր, շտապող
- 2 Փսոր, փսորել — փշուր, ջարդուել, փշրուել