Ո՞ր մէկն անոնցմէ...
«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու
Ո՞ր մէկն անոնցմէ, որոնց նայեցայ
Գորովով մ՚անհուն, ունէր գաղտնիքներ,
Զոր իբրև ընծայ
Օր մ՚ինծի յանձնել պիտի փափագէր…
Եվ պիտի ուզէր, որ ի փոխարէն
Ծանրածանր, խորունկ խորհուրդը կեանքիս
Ես բանամ իրեն,
Որպէսզի անկէ թեթևցընէ զիս…
Գէթ մէկը, անշուշտ, այսքան տարուան մէջ,
Անոնցմէ, որոնց ըղձացի ես նոյն
Ըղձանքով անշէջ,
Կ՚ուզէր, որ դիմէ հոգիս իր հոգւոյն…
Եվ ան ալ հիմայ, չսիրուած, մինա՛կ,
Այս բազմութեան մէջ ինծի պէս գուցէ
Իր անյիշատակ
Անսէր օրերուն վերջը կը սպասէ…։
Թեմաներ