Ծերութեան խորհուրդներ
«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու
Ո՜վ ծերութեան խորհուրդներ, շատ աւելի խորութեամբ
Եվ ճշտութեամբ ա՛լ հիմայ, մարդու հոգին դարմանող,
Եվ նախընտիր՝ զերթ ամպոտ երկինքն երկնի մը անամպ՝
Նկարումին աշխարհի. — խորհուրդներ խոր ու անշող,
Կը ճաշակեմ ձեզ ահա, ձեզ կ՚որոճամ օրնիբուն,
Կը ծծեմ հիւթը ձերին և երակներս ամբողջ,
Այժմ պակսած արիւնէ, կ՚ըլլան ձեզմով լեփլեցուն,
Ձեզմով հարուստ կը զգամ զիս, նոյնիսկ ձեզմով ալ առողջ։
Դո՛ւք, խորհուրդներ ծերութեան, այնպէս դիւթիչ էք երբեմն,
Որ նոր կեանքի մը կարծես ուժը իմ մէջ կը գտնեմ
Եվ կը ցանկամ ձեզ փորել ու պրպտել ձեզ անվերջ…։
Եվ զի գիտեմ, թէ շուտով պէտք է մեկնիլ՝ կէս թողած
Ամէն շարժում ու մղում, ես կուզէի, որ Աստուած
Ինձի թոյլ տար, ձեզ տանիլ հետս՝ ապագայ կեանքիս մէջ։
Թեմաներ