Տաղ առ փորձառութիւն
«Մահուան տաղեր» ժողովածու
Ինչպէ՞ս կուզես որ սիրեմ, յարգեմ զքեզ ու լսեմ
Ատամնաթափ այդ բերնէդ ականջս ի վար ձայնով ցած
Փսփսացուած խօսքերուն, որոնք բարի ու խոհեմ,
Որոնք բարւոյս համար են, գիտեմ, խորհուած ու ըսուած…
Ինչպէ՞ս կրնամ հանդուրժել քեզի առանց զայրոյթի
Եվ տարփողել կրնամ քեզ, երբ քու տեսքիդ մէջ արդէն
Ես թառամած կը գտնեմ յոյսերս ամէն ծաղկատի,
Երբ ձայնիդ մէջ իմ ամբողջ հին երազներս կը հեծեն…
Հիմայ գիտուն, իմաստուն և շատ լուրջ եմ, Աստուա՜ծ իմ.
Փորձառութի՜ւն, ալ հիմայ դուն յաւիտեան իմ մէջս ես
Ինչպէս որդը պտուղին, և ես քեզմով կը փըտիմ…։
Դուն կը ցայտես աչքերէս, շարժումներէս, խոհերէս,
Եվ ամէն օր, որ կ՚անցնի՝ կընէ քեզմով զիս հասուն,
Եվ ամէն օր աւելի՝ քեզմով կ՚ըլլամ ազազուն1…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Ազազուն — չորացած, հիւթազուրկ
Թեմաներ