Սփիւռք
«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու
Զանգուածն ահա՛ դեռ կ՚երերայ հեծելով,
Անտառի պէս կամ ծովու,
Ծով կամ անտառ, զոր կը շարժէ ոչ թէ հով,
Այլ երկրաշա՜րժ մ՚ահարկու…
Եվ հնօրեայ այս զանգուածէն մարդկային
Ահա մասեր մի առ մի
Անվերջօրէն կը բաժնուին, կը մեկնին…
Եվ ան տակաւ1 կը պակսի…
Խլուած իրենց արմատներէն ամէնքն ալ՝
Մեր հին, հին ազգը ահա՛,
Որ չի կրնար իր հողերուն վրայ մնալ,
Չորնալ ուրիշ տեղ կ՚երթայ…
Աստուած, ես ի՞նչ աղօթք կրնամ ուղղել քեզ,
Տա՞ս անոնց կեանք մը անվիշտ,
Յանգչի՜ն, յանգչի՜ն այլևս — թէ ոչ՝ վրիժակէզ
Այրին ու ե՜տ նային միշտ…
Ծանոթագրություններ
- 1 Տակաւ — դեռևս, արդէն, կամաց - կամաց
Թեմաներ