Քերթուածը
«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու
Քեզմէ ծածուկ փառաբանուած
Եվ տենչացուած կարօտագին,
Շնորհներուդ անվերջ շարքին՝
Թող որ ձօնեմ մէկ նոր քերթուած։
Քեզմէ ծածուկ ծնած ամէն
Քերթուածներուս մէջէն ես զայն
Կը նախընտրեմ, որուն անձայն
Վանկերն հոգւոյս մէջ լոկ կ՚երգեն։
Ինչպէս սակայն ամէն քերթուած,
Գրուած և ոչ, յօժարակամ
Այն քերթուածին դէմ պիտի տամ,
Որ համբոյրն է բերնիդ սիրուած։