Միացէ՛ք, տաղեր...
«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու
Միացէ՛ք, տաղեր, որ աշխարհ եկաք,
Հեռու իրարմէ ատենով, տեղով,
Տարբեր արևի կամ ամպերու տակ,
Սիրտըս մերթ սառի, մերթ մոխիրի քով…
Միացէ՛ք, և դո՛ւք միացուցէք հոս
Ձեզ ծնունդ տուող սէրերն ու անոնց
Խունկն, որ կը դիւթէ հիմայ երեկոս,
Կը լընու հոգիս մշուշով մը հոծ…
Օ՜հ, երբ գան այստեղ միմեանց մօտ, այնքան
Անուշ էակներ, որոնք նոր միայն
Պիտի հոս իրար գտնեն ու ճանչնան,
Թո՛ղ ըսեն, օ՜հ, թող ըսեն իրարու
Գիշերն, էջէ էջ, մրմունջով մ՚աղու,
Թէ սիրողն արժանի էր սիրուելու…