Տղաց մ՛ինձի կ՜գրէ
«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու
Տղայ մ՚ինձի կը գրէ. «Ձեզ ճանչնալէս շատ առաջ
Քանիներ ձեր տաղերէն գոց գիտէի ու մինակ՝
Ես կ՚ըսէի ինքզինքիս. գարնան զեփիւռ ու կարկաչ
Անոնք եղած են ինձի իմ աշխարհիս մէջը փակ…»։
Եվ բարերար ու բարի այս տողերուն համար ես
Կ՚ուրախանամ, կը յուզուիմ ու կը խորհիմ տրտմօրէն.
Իրա՞ւ ուրեմն այսքա՛ն վերջ, պզտիկ ու խեղճ իմ երգե՛րս,
Դուք արաձագանգ կը խըլէք տղու թրթռուն սիրտերէն…
Ինծի համար քիչ մը ուշ, բաւական ո՜ւշ է հիմայ.
Անոնց ոչ մին պատահմամբ օր մը երբ որ դէմս գայ,
Պիտի կոչէ զիս եղբայր, ոչ իսկ այսօր մեծ եղբայր։
Սակայն գացէք դուք, երգե՛ր, տեղէ ի տեղ անոնց մօտ,
Որոնց հոգին գուշակման և սփոփման է կարօտ.
Եվ այդպէս զիս ալ հիմայ սփոփեցէք գաղտնաբար…
Թեմաներ