Ամբողջական երկերից «Բանաստեղծ»
«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու
Բա՛ռ, քեզ հիմայ աչքիս դէմ
Ու մտքիս դէմը բռնէր՝
Երկարօրէն կը դիտեմ
Եվ կը տեսնեմ վրադ գոյներ,
Որ ինձի նոր կ՚ընեն քեզ,
Եվ կը մեծնաս դուն տակաւ1՝
Կը պզտիկնամ մինչդեռ ես
Քու տեսիլքիդ դէմ անբաւ2…
Սակայն իրա՞ւ է, որ քու
Եվ իմ միջև կապ մը կայ,
Թէ այդ թևերդ հուժկու,
Որ անցեալէն ապագայ,
Անհուն դարեր, միջոցներ
Արծուաթռիչ կը չափեն՝
Զիս ալ իրենց վրայ առեր
Կը փախցընեն ներկայէն։
Ու կը տանին, կը տանի՜ն
Աշխարհներ նոր ու հեռու
Եվ ատեններ անքընին,
Ուր այս հոգին ծեր տղու,
Որ քիչ մ՚երգել գիտցաւ լոկ
Տղոց, մարդոց մէջ անոք՝
Իր ցաւերովը հիմայ
Գորով ու գութ, սէր կ՚ըլլայ…
Ծանոթագրություններ
- 1 Տակաւ — դեռևս, արդէն, կամաց - կամաց
- 2 Ամբաւ (անբաւ) — անչափ, անհատնում
Թեմաներ