Լեզուն, որով գրեցի
«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու
Լեզուն, որով գրեցի՝ երկրի երեսը քիչեր
Կը կարդային զայն արդէն ու պակսեցան անոնք ալ…
Հարիւր տարի վերջ միայն, իր այս ձևով, այս սխալ
Կամ ճիշտ ձևով ու հնչմամբ՝ լեզուն անուշ, զոր խօսէր
Էին անուշ տղաքներ, գուցէ խօսող չունենայ,
Եվ քերթուածները, որոնց մեն մի բառին ու վանկին
Վրայ ես սիրտ հատցուցի՝ գուցէ անկիւն մը պառկին,
Առանց որ մէկը դնէ իրենց բուն շեշտն անոնց վրայ…
Տէ՛ր, ցաւ մ՚ալ ա՛յս է հիմայ, ցաւերէն ետք անհամար,
Որոնց մէջէն անցնելով, որոնցմէ շիթ մ՚առնելով
Ես կազմեցի այս տաղերն ու հոս դրի քովէ քով…
Զի եթէ միշտ և միայն երգած եմ ես ինձ համար,
Զիս սփոփած եմ նաև՝ մտածելով, թէ խոցուած
Հոգիս կրնայ իր երգով սփոփել՜ սիրտը ոմանց…։