Խորհուրդ
«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու
Որպէսզի քեզ չպատէ այդքան խորունկ տխրութիւն,
Այսուհետև խորհէ լոկ
Մեռելներուն և յետոյ հետդ մեծցած ողջերուն,
Մոռցիր ուրիշ ամէն ոք…։
Անոնք, որ պահ մը քեզի զաւկի նման մօտեցան,
Զոր դուն հօր պէս սիրեցիր,
Հիմայ չեղեալ համարէ։ Տուր կրակին մաքրութեան
Ամէն նկար, ամէն գիր
Եվ մտածէ, եթէ պէտք է անցեալին մտածես,
Մեռելներուն անփոփոխ,
Մեռելներուդ սիրալիր, որ ծանր չեն գտներ քեզ
Եվ դէմդ չեն պահեր ոխ՝
Տկարութիւնը իրենց յիշեցնելուդ համար դեռ…։
Անոնք միայն, ու յետոյ
Քեզի ոչինչ չպարտող քանի մը հին ընկերներ…
Ու դարձուր էջը սիրոյ…
Թեմաներ