Կամուրջ
«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու
Մերթ ալ կ՚ուզեմ իմ ազգիս
Սիրոյն համար ու բարւոյն,
Ընել կամուրջ մը հոգիս,
Իր անցեալէն խորագոյն
Դէպ ապագան սլացիկ
Կամուրջ, ուրկէ մեր նախնիք
Եվ մեր աստուածք համրօրէն
Առաջանան ու բանան
Մութ, անծանօթ, գոց ճամբան,
Ցեղը կրկի՜ն հոն երկնեն…։
Կ՚ուզեմ նետել կամուրջն այդ
Խաւարին մէջ ներկային՝
Իբրև երկար ճառագայթ,
Իբրև թե՛ւ մը լուսնային,
Մինչև որ իր ներքևէն
Ընկըղմողները ամէն
Իրենց նայուածքն առնեն վեր
Ու իր լոյսին մէջ յանկարծ
Իրենց թևերը տեսած՝
Ընեն կեանքի՜ շարժումներ…։
…Կամուրջն ահա, մութին մէջ,
Ամրախարիսխ, ապահով…
Ու կքալեն անընդմէջ,
Կշռուած, ծանր քայլերով,
Մեծ ստուերները բոլոր
Մեր անցեալին դարաւոր…
Ի՜նչ գիտութիւն, Աստուած իմ,
Եվ ի՜նչ անհուն գթութիւն
Խորը անոնց աչքերուն
Ի՜նչ կշտամբանք մտերիմ…
Տեսէք, ահա կը նային
Ու կը ջանան ելլել վեր՝
Խարակներէն1 ներկային
Տժգոյն ու խոնջ հոգիներ…
Հրա՛շք, անոնք կը ճանչնան
Հիմայ այն ուժն անսահման,
Որ արիւնէն նախահարց2,
Անոնց սրտէ՛ն ու մտքէ՛ն
Մեկնած՝ իրենց էր եկած,
Եվ անոնք լո՜ւրջ են արդէ՛ն…։
…Ի՛նչ փոյթ, թէ ի՛մ կամ ուրիշի՝
Հոգի մը պէտք է սակայն,
Արևաշող, աստղանիշ,
Որ հոգիին Հայութեան
Ըլլայ ճամբայ ու ճաճանչ.
Ըլլայ անոր բազմատանջ
Կեանքին, յոյսին ապաւէն…
Ըլլայ ամբարն այն, որուն
Մէջ լեցուի յունձքն հայրերուն
Եվ փրկէ՜ ազգն այս սովէն…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Խարակ — ապառաժ
- 2 Նախահարց — նախահայրերի, պապերի
Թեմաներ