IV Մահ եւ արեւ
«Մահուան տաղեր» ժողովածու
Շուրջըս ամէն օր տեսնելով զանի
Եվ մէջս զգալով զայն ամէն վայրկեան՝
Մահն եղած է ինձ այնչափ ընտանի,
Որչափ աչքերուս՝ արևը վաղուան…։
Մա՛հ, արե՛ւ, այնպէս խառնուած միմեանց
Կ՚երևին ինձի, որ մերթ կը խորհիմ՝
Միգուցէ արևն ըլլայ մահ մ՚անանց,
Եվ մահն ալ՝ արև մ՚անդըր, քան շիրիմ…։
Ինչպէս խաղամոլ մ՚որ լուսցուցած է
Կորսընցընելով իր վերջին լուման,
Եվ պատուհանէն աչք մը կը հածէ
Ծագող այգին վրայ… այնպէ՛ս ես մահուան
Կը նայիմ հիմայ, անհոգ, անտարբեր,
Իբրև թէ նոյն խեղճ օրն ինձի ծագէր…։
Թեմաներ