Հայ հոգիին
«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու
Թոթուած, ինչպէս ցուրտն ու ձմեռն այսօրուան,
Ես կը խորհիմ առաւօտուն այն գարնան,
Ուր հին կոճղէն նոր բողբոջներ պայթեցան։
Ես կը խորհիմ թոհուբոհին գետնին տակ,
Որուն մէջէն խուժեց աւիշն համարձակ
Եվ բարձրացաւ և սարսռացո՜ւց ծառն համակ։
Ես կը խորհիմ ճնճղուկներու ճվոցին,
Սոխակներու դայլայլիկին ցայգային,
Որ անվհատ կոճղին զարթումն ոգեցին։
Հեղեղներո՛ւն, կայծակներուն անհամար
Ես կը խորհիմ, որ իր զարթմանը համար
Արմատներուն քրքրեցին հողը խաւար։
Եվ միշտ և մի՛շտ՝ իր բունին գորշ մոխիրէն
Հրափայլող այն կայծերուն ծաղկեղէն
Ես կը խորհիմ, որ հոգիիս դեռ յոյսն են։
Եվ այդ յոյսին, այդ յոյսին մէջ կը տեսնեմ,
Բացուած ընդդէմ օվկիանին ժանտադէմ,
Հայ Հոգիին հողմակոծ ծա՛ռը վսեմ…։
Թեմաներ