Արտաւազդ բ
«Հայերգութիւն ա շրջան 1901-1908» ժողովածու
Սալերուն վրայ կիրակնօրեայ հարուածներ
Այլևս թո՛ղ չզարնըուին…։ Կեր տարէք
Մասեաց այրին առջև, որուն ներսը ծեր,
Հսկայ գամփռներ կոռնան գիշեր և ցերեկ…։
Թո՛ղ զօրանան անոնք և թո՛ղ վերջապէս
Կրծեն շղթան բանտարկեալին դարաւոր…
Ո՛վ փրկիչներ, անթիւ աչքեր գաղտնապէս
Կը հրահրեն ձեր անդուլ ճիգը այսօր…
Եվ ա՛լ լուծուի թո՛ղ հօրն անէծքը յամառ
Իր փոսին մէջ նետուած սա՛ նոր զոհերով,
Եվ յայտնուի որդոյն հասակը պայծառ
Մեր դաշտերուն վրայ՝ դարձած արեան ծով։
Հայ աշխարհի հուներուն վրայ անպաշտպան
Իր տէգերուն կայծակն անվերջ թո՛ղ շողայ,
Թո՛ղ թշնամւոյն ցանցերն իր շուրջը իյնան
Եվ թո՛ղ կանգնէ հայրերուն գահն հնօրեայ…։