Արդեօք ծռե՞ր է...
«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու
Արդեօք ծռե՞ր է փեթակն ու կը վազէ՞ մեղրն արդեօք,
Եվ շուարած մեղուներն երկար ատեն1 կամ ընդմիշտ
Պիտի այլևս չ՛ կրնան բնազդումովն իրենց ճիշտ
Յարդարել տունն ու ծաղկանց վերև կախուիլ քաղցրահոգ…
Թէ ոչ՝ շնորհդ յատուկ առած ես ետ անոնցմէ,
Տէ՛ր, ի՞նչ մեղքի համար մեծ, ու չեն այլևս գիտեր
Գործաւորները այդ ժիր, ինչ որ գիտէր ի ծնէ
Մեն մի անդամը ցեղին ամբողջ դարեր ու դարեր…
Զի մեղու չեն, այլ մարդիկ, ու շատ հին ցեղ մըն է ան,
Ան մեր ցեղն է օժտուած տոկունութեամբ մ՚աննման,
Որուն ուժերը ու միտքն երակներէն արդ կ՚երթան։
Կը հաւատամ սակայն, Տէ՛ր, որ ցնցումով մը ուժգին
Պիտի փեթակը իր դիրքն ու ան իր ձիրքը նախկին
Գտնեն դարձեալ ու լոյսով իր բջիջները լեցուին։
Ծանոթագրություններ
- 1 Ատեն, ատենոք — ժամանակ, ժամանակով