Տենչանքը
«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու
Յաւերժաբար նոր ու խոր՝
Ունինք տենչանքը միայն,
Յանկարծածին խուլ ժխոր՝
Յառնող վիհէն լռութեան։
Ուղեղին մէջ բզզացող,
Հոգւոյն, մարմնոյն բովանդակ՝
Տուող նոր ուժ ու նոր դող,
Խոլարշաւող խենթ բանակ…
Կենդանային, մարդկային,
Իդէալով շպարուած՝
Ան գգուանք է ու հարուած…
Թռիչ ու անկում հոգիին,
Զայն սպանող անուշ թոյն՝
Տենչանքն է միշտ նորութիւն…։
Թեմաներ