Իմ սիրոյ տենչս
«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու
Իմ սիրոյ տենչս է նման թափառական թռչունի
Մ՚որ կը դիմէ ճիւղէ ճիւղ, քարէ ի քար, քիւէ քիւ,
Ու չի կրնար ոչ մէկ տեղ շինել իր բոյնն, ուր յանգչի
Որ իր կոտրած թևերուն կը փորէ վէրքը հեշտիւ…։
Իմ սիրոյ տենչս է նման երկինքներուն անսահման՝
Որոնց անցայ ներքևէն, երկինքներուն անձրևող,
Փայլատակող անընդհատ, որոնք վրաս միշտ փըլան,
Որոնք իզուր յուսացի արևափառ, աստղաշող…։
Յետոյ իմ տենչս է նման ծարաւահիւծ կենդանեաց՝
Որոնք կ՚երթան բարձունքէն գահավէժի մը ժեռուտ,
Վարի փրփրուն գետակին խոխոջիւնէն մոլեգնած…։
Եվ տենչս, տե՜նչս սիրոյ, կը նմանի լուռ ու մութ
Քարանձաւի մը անծայր, որուն ճամբան կը զեղու
Կմախքներովն անհամար գառնուկներու, ուլերու…։