Րաֆֆի
«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու
(Ծննդեան հարիւրամեակի առթիւ)
Կը բխի՜ անունն ու կը փրփրի
Ջինջ՝ արևազան,
Վաղուց կորսըուած, փախած ծոցն երկրի
Ակի մը նման…
Կը պեղէ տակաւ1 իր հողը շուրջի,
Կ՚ըլլայ գետ մը ան…
Իրեն մէջ աշխարհ մը արդ կը փլչի,
Աստղեր կը լողան…
Ո՞ւր էք, ջրանցքնե՛ր, որպէսզի յուռթի
Դաշտերը դառնան,
Ո՞ւր, թումբե՛ր, որպէսզի ժայռը փրթի
Իր ուժէն քանդման…
Ան ցամքա՜ծ է արդ… Բայց, ո՛չ, կը փայլի
Իր հունին մէջ լայն
Քիչ մը ջուր, նոր յոյս հին յուշով առլի,
Քիչ մը լո՜յս միայն…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Տակաւ — դեռևս, արդէն, կամաց - կամաց