Խաղի համար
«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու
Խաղի համար թող ըլլար՝ բայց թո՛ղ անգամ մը գոնէ
Ինձի նայէր ու ժպտէր ու ըսէ՜ր մէկն անոնցմէ,
Զոր սիրեցի ես անձայն՝ թէ կը սիրէ ինքն ալ զիս…
Շահու համար թող ըլլար՝ սակայն թո՛ղ պահ մը այնպէս
Հաւտացընէր մէկն ինծի, թէ կայծ մը, թռած իմ սրտէս,
Զինք վառած է ու կ՚ուզէ մարիլ վրան իմ կուրծքիս…
Թո՛ղ զիս հեգնէր ու ծաղրէր ու չարչարէր ան վերջէն,
Պիտի ըլլար կեանքս իրմով, հոգ չէ, թէ քիչ մը ատեն1,
Նման ուրիշ կեանքերու, խռով ու գոհ ու անդորր…
Եվ բախտը թող յաւիտեան ինծի նորէն չժպտէր,
Վերջին պահուն տեսնէի պիտի քեզ դէմըս, ով սէր,
Չարութենէդ մերկացած ու ընող մահն իսկ աղուոր…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Ատեն, ատենոք — ժամանակ, ժամանակով