Իրիկուան խորհուրդներ
«Մահուան տաղեր» ժողովածու
Սպասէ՛ դեռ, և աշնան օր մ՚երբ կ՚իջնէ
Արևն երկինքէն,
Ցուպդ վեր ա՛ռ և ճակատէդ քշէ դժնէ
Ամէն խորհուրդ։ Քէն,
Նախանձ ու ոխ ճզմէ քարին վրայ առջիդ,
Զերթ ոլորք մը իժ,
Հպարտութիւնդ ալ արիւնէ շիթ առ շիթ,
Եվ իբրև պատիժ
Անցեալ ամէն աններելի հեշտութեանց՝
Նետէ՛ խորն հովտին
Յիշատակի արկղիկը ծանր, ծանր գանձ…։
Երբ աչքիդ ետին
Նշուլէ աստղ մը նոր, պայծառ, հեռաւոր,
Կտրէ՛ վերարկու
Մը գիշերէն, և ա՛լ գնա, ուխտաւո՛ր,
Հոգւոյդ ահարկու
Ճամբաներէն լեռնէ ի լեռ, միայնակ,
Ժայռերուն անխնայ
Զարնուելով և սրելով զերթ դանակ՝
Կամքդ անոնց վրայ…
Հովերուն մէջ, ահեղօրէն տարածուող,
Թևերդ պարզէ՛
Եվ քանդումի եղիր անոնց պէս կարող…
Անգղ, արծիւ, բազէ
Թող սորվեցնեն իրենց խաղերը քեզի,
Թէ ինչպէս, զերթ սլաք,
Իրենց թիռը որսին վրայ կը նետուի՝
Անշեղ և արագ…
Յետոյ դարձո՛ւր գիշերներուն մէջ պայծառ՝
Աչքդ դէպի վեր
Եվ աստղերէն անդորրութի՛ւն անոնց առ…
Երբ ամէն աւեր
Հին ու խարխուլ շէնքէն հոգւոյդ մէջ լրանայ,
Երբ որ յոյզ մը նոր
Ոտքէդ մինչև գլուխդ անզուսպ բարձրանայ,
Երբ անդնդախոր
Լսես յանկարծ հողին հեծեծող…
Կատարներէն վար
Սա՛ ուղխերուն հետ ձիւներուն լուսաշող՝
Իջիր խոլաբար,
Մոլեգնօրէն, շքեղապէս, անարգել
Դաշտե՜րն ոռոգել…։