Ձոն
Եղեգնյա գըրչով երգեցի փառքեր.
— Քեզի ընծա՜, իմ հայրենիք —
Սոսյաց անտառեն էի զայն կըտրեր…
— Քեզի ընծա՜, հին հայրենիք —
Եղեգնյա գըրչով երգեցի քուրմեր.
Ընդ եղեգան փող լու’յս ելաներ։
Եղեգնյա գըրչով երգեցի կարոտ.
— Ձեզի ընծա՜, հայ պանդուխտներ —
Ան տարաշխարհիկ բույսի մ’էր ծըղոտ…
— Ձեզի ընծա՜, հեգ պանդուխտներ —
Եղեգնյա գըրչով երգեցի հարսեր.
Ընդ եղեգան փող ո՛ղբ ելաներ։
Եղեգնյա գըրչով երգեցի արյուն.
— Ձեզի ընծա՜, սուրի զոհեր —
Ան ծլած էր մոխրի մեջ իբրև կընյուն…
— Ձեզի ընծա՜, կրակի զոհեր —
Եղեգնյա գըրչով երգեցի վերքեր.
Ընդ եղեգան փող սի՛րտս ելաներ։
Եղեգնյա գըրչով որբ տունս երգեցի.
— Քեզի ընծա՜, հայր ալեհեր —
Ցամքած աղբյուրեն մեր զայն հոտեցի…
— Քեզի ընծա՜, մայր կարեվեր —
Եղեգնյա գըրչով օջախս երգեցի.
Ընդ եղեգան փող ծու՛խ ելաներ։
Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի.
— Ձեզի ընծա՜, հայ մարտիկներ —
Գրիչս եղավ անթրոց սըրտերու հնոցի…
— Ձեզի ընծա՜, քաջ մարտիկներ —
Եղեգնյա գըրչով վըրեժ երգեցի.
Ընդ եղեգան փող բո՛ց ելաներ։
Եղէգնեայ գըրչով երգեցի փառքեր.
— Քեզի ընծա՜յ, իմ հայրենիք —
Սօսեաց անտառէն էի զայն կըտրեր…
— Քեզի ընծա՜յ, հին հայրենիք —
Եղէգնեայ գըրչով երգեցի քուրմեր.
Ընդ եղեգան փող լո՛յս ելանէր։
Եղէգնեայ գըրչով երգեցի կարօտ.
— Ձեզի ընծա՜յ, հայ պանդուխտներ —
Ան տարաշխարհիկ բոյսի մ’էր ծըղօտ…
— Ձեզի ընծա՜յ, հէգ պանդուխտներ —
Եղէգնեայ գըրչով երգեցի հարսեր.
Ընդ եղեգան փող ո՛ղբ ելանէր։
Եղէգնեայ գըրչով երգեցի արիւն.
— Ձեզի ընծա՜յ, սուրի զոհեր —
Ան ծլած էր մոխրի մէջ իբրեւ կընիւն…
— Ձեզի ընծա՜յ, կրակի զոհեր —
Եղէգնեայ գըրչով երգեցի վէրքեր.
Ընդ եղեգան փող սի՛րտս ելանէր։
Եղէգնեայ գըրչով որբ տունս երգեցի.
— Քեզի ընծա՜յ, հայր ալեհեր —
Ցամքած աղբիւրէն մեր զայն յօտեցի…
— Քեզի ընծա՜յ, մայր կարեվէր —
Եղէգնեայ գըրչով օճախս երգեցի.
Ընդ եղեգան փող ծո՛ւխ ելանէր։
Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի.
— Ձեզի ընծա՜յ, հայ մարտիկներ —
Գրիչս եղաւ անթրոց սըրտերու հնոցի…
— Ձեզի ընծա՜յ, քաջ մարտիկներ —
Եղէգնեայ գըրչով վըրէժ երգեցի.
Ընդ եղեգան փող բո՛ց ելանէր։