Առկայծ ճրագ
«Հեթանոս երգեր» ժողովածու · «Գողգոթայի ծաղիկներ»
Հաղթանակի գիշերն է այս տօնական. — Հա՛րս, եղ լեցո՛ւր ճրագին։
Պիտի դառնայ կռիւէն տղաս յաղթական. — Հա՛րս, քիթը ա՛ռ պատրոյգին․
Սայլ մը կեցաւ դրան առջեւ, հորին քով. — Հա՛րս, վառէ՛ լոյսը ճրագին։
Տղաս կու գայ ճակատն հպարտ դափնիով. — Հա՛րս, բեր ճրագը շեմին։
Բայց․․․ սայլին վրայ արի՞ւն եւ սո՞ւգ բեռցեր են․․․
Հա՛րս, ճրագը ասդի՛ն երկարէ։
Հերոս տղաս հոն զարնուա՜ծ է սրտէն․ — Ա՜խ, հա՛րս, ճրագըդ մարէ՜․․․։